2015-12-04 10:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասարդներուն` ''Կ՛ուզէք զիս ուրախացնել. Սուրբ Գիրքը կարդացէք''։


(Ռատիօ Վատիկան)  Սուրբ Գիրգը ''գրականական գլուխ գործոց մը չէ'' այլ կրակի նման գիրք է, գիրք մը որուն մէջ Աստուած կը խօսի։ Այսպէս կը գրէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Երիտասարդներու համար հրատարակուած Սուրբ Գիրքի յառաջաբանին մէջ որ լոյս տեսած է Գերմաներէն լեզուով եւ այժմ հրատարակուեցաւ Յիսուսեաններու Չիվիլթա Քաթթոլիքայի պարբերաթերթին մէջ։

''Սիրելի երիտասարդ բարեկամներ, եթէ դուք տեսնէիք իմ Սուրբ Գիրքս պիտի ըսէիք ''Ի՞նչ, այս է Քահանայապետին Սուրբ Գիրքը։ Այսքան հին եւ մաշուած։ Գուցէ դուք կարող էք ինծի նոր գիրք մը նուիրել մի գուցէ 100 եւրօ արժէքով սակայն ես ոչ, պիտի չընդունիմ։ Ես կը սիրեմ իմ հին սուրբ գիրքս, որ իմ կեանքին կէսին ընկերացաւ։ Ան ականատես եղաւ իմ ուրախութեանս եւ թռչուեցաւ իմ արցունքներովս։ Ան իմ անգին գանձս է։ Ես կ՛ապրիմ անոր համար եւ ոչ մէկ բանի համար անկէ կը զիջիմ'' այս բառերով է որ Նորին Սրութիւնը խօսքը կ՛ուղղէ երիտասարդներուն, անոնց պատմելով իր անձնական փորձառութիւնը եւ սէրը Սուրբ Գիրքին։  Նորին Սրբութիւնը ապա կը յանձնարարէ որ այդ գիրքը երբ կարդացուի, մէկդի չդրուի եւ փոշիներու տակ չթաղուի։ Ան ապա կը յայտնէ թէ այսօր աւելի քան Եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանը, քրիստոնեաները հալածուած են եւ հալածանքի պատճառը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ անոնց վկայութիւնը Խաչին ու Քրիստոսի։ Անոնք կը դատապարտուին որովհետեւ Սուրբ Գիրք ունին։ Մի գուցէ այդ գիրքը վտանգաւոր է որոշ երկիրներուն մէջ եւ սուրբ գիրք ունեցողը կը համարուի որպէս մէկը որ դարանին  մէջ ռումբ պահած է։

Մահաթմա Կանտին որ քրիստոնեայ չէր օր մը ըսած է ''Ձեզի քրիստոնեաներուդ գրութիւն մը յանձնուած է որ իր մէջ բաւարար քանակութեամբ ուժանակ բովանդակուած է որ կարող է փշուր փշուր ընել համայն քաղաքակրթութիւնը, աշխարհը փոխակերպելով եւ խաղաղութիւնը հաստատելով պատերազմի դաշտ դարձած մոլորակի մը մէջ։ Սակայն դուք անոր նկատմամբ կը վերաբերուիք կարծես ըլլար պարզ գրական ստեղծագործութիւն մը'',  կը գրէ Նորին Սրբութիւնը եւ կը հաստատէ թէ Աստուծոյ խօսքով Լոյսը եկաւ աշխարհ եւ այդ լոյսը երբեք պիտի չմարի։ Դուք ձեր ձեռքերուն մէջ ունիք Աստուածային տուրք մը` կրակի նման գիրք մը, որուն մէջ Աստուած կը խօսի։ Ասոր համար Նորին Սրբութիւնը կը յորդորէ չամչնալ Սուրբ Գիրքը միասին տանելու եւ զայն յաճախ թղթատելու ու հարց տալու թէ ինչ կ՛ըսէ ս.Գիրքը մեր սրտին որպէսզի հասկնանք Աստուծոյ խօսքը ու զգանք այդ խօսքին զօրութիւնը մեր կեանքէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը ապա կը պատմէ թէ ինչպէս ինք կը կարդայ ս. Գիրքը. ''Յաճախ ձեռքս կ՛առնեմ գիրքը, քիչ մը կը կարդամ ապա մէկդի կը դնեմ եւ թոյլ կու տամ որ Տէրը ինծի նայի։ Աստուած հոն ներկայ է իսկապէս եւ ես թոյլ կու տամ որ Ան ինծի նայի եւ ես մտիկ կ՛ընեմ Անոր։ Շատ անգամներ Ան չի խօսիր եւ ես ոչ մէկ ձայն կ՛ունկնդրեմ, միայն լռութիւնը, ունայնութիւն, ունայնութիւն, ունայնութիւն…համբերութիւն, ես այնտեղ կը մնամ ու կը սպասեմ, կը կարդամ եւ ՛աղօթեմ։ Ընդհանրապէս նստած կ՛աղօթեմ, որովհետեւ ծունկերս կը ցաւին։ Շատ անգամ աղօթքի ընթացքին կը քնանամ. Բայց հարց չէ, կը նմանիմ զաւկի մը որ իր հօր մօտ կը գտնուի, այս է կարեւորը''։ Նորին Սրբութիւնը ապա գիրը կ՛եզրափակէ հրաւէրով մը ''կ՛ուզէք զիս ուրախացնել. Սուրբ Գիրքը կարդացէք''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.